2012-06-14 14:42:23

Կիներու Համար Գանատան Լաւագոյն Երկիրն է, Իսկ Հնդկաստանը` Վատագոյնը։


Նկատի առնելով սեռական հաւասարութիւնը ապահովելուն ուղղուած քաղաքականութիւնը, կիներու շահագործման եւ բռնութիւններու դէմ կիրառուող անվտանգութեան միջոցները, մասնագէտները աշխարհի 19 զարգացած պետութիւններու շարքին մէջ ՝՝Գանատան՝՝ ճանչցած են լաւագոյն երկիրը կիներու համար։
Ի տարբերութիւն Գանատային, մանկասպանութեան, մանկահասակ երեխաներու ամուսնութեան եւ ստրկութեան հանգամանքները նպաստած են, որպէսզի ՝՝Հնդկաստանը՝՝ ճանչցուի կանանց ապրելու համար նախատեսուած ամենաանցանկալի երկիրը:
«Այստեղ կանայք եւ աղջիկները կը վաճառուին իրերու նման, շատ մը պարագաներուն կ’ամուսնացուին 10 տարեկանին, ողջ-ողջ կ’այրին «ճոխ» օժիտ չտանելու պարագային եւ կ’ենթարկուին աշխատանքային շահագործման»( նշած է ուսումնասիրութեան մասնակից Կուլշուն Ռենհամ) :

Կիներու համար բարենպաստ երկիրներու լաւագոյն հնգեակին մէջ են Գերմանիան, Մեծ Բրիտանիան, Աւստրալիան եւ Ֆրանսան: Հնգեակէն դուրս մնացած է ԱՄՆ, վերարտադրողականութեան իրաւունքներու եւ բժշկական մատչելի օգնութեան հարցերու մէջ առկայ խնդիրներուն պատճառով:

Ուսումնասիրութիւնը իրականացած է TrustLaw տեղեկատուական ծառայութեան` սեռական 370 մասնագէտներու կողմէ եւ ֆինանսաւորուած է Reuters-ի հիմնադրամին կողմէ: Ասոր հիմնական նպատակն է Յունիս 18-19 Մեսսիքայի մէջ կայանալիք Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովին ընդառաջ ցոյց տալ, որ անկախ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած բազմաթիւ քայլերուն, շատ մը երկիրներու մէջ դեռ տակաւին անոնց դրութիւնը կը շարունակէ ծանր մնալ:
Այս ցանկին մէջ ԻՏԱԼԻԱՆ կը գրաւէ 8.րդ դիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.